ԶԱՎԷՆ ՊԻՊԵՌՅԱՆ. ԽՕՍՔ ԱՌ ՊԷՌՆԸՐՏ ՇՕ

Ղօղանջ, ցնծութիւն:
Յաղթանակ:
Մանտանէք ու
Պուխէնվալտ ոչ եւս են,
Կամ ոչ եւս պիտի ըլլան:
Վերջը՞:
Վերջը, այսքան:
Աշխարհի մէջ, մեր աչքերուն ներքեւ, հազարավոր Մանտանէքներ ու Պուխէնվալտներ գոյութիւն ունին: Եւ չենք անդրադառնար:
Կը տեսնանք թշուառութեան ցուցադրութիւնը հազարումէկ երանգներով: Բայց պէտք է շարժանկարին կամ լուսանկարին առարկայական բրտութիւնը, որպէս զի պուտ մը գո՛նէ զարմանք – եթէ ոչ ընդվզում – զգանք իրականութեան հանդէպ:
Ներկայ օրերուն, երբ բովանդակ աշխարհ իրար անցած էՊէվէրիճեան ծրագիրներ յօրինելու համար, Շոյեր կը պակսին բոլոր երկրներու, հեգնելու համար այդ պատահական փութկոտութիւնը:
Այո՛, յարգելի Շօ, ձեր երկիրը կէս դար սպասեց ընդունելէ – մի՛միայն ընդունելէ – առաջ Պէվէրիճեան ծրագիր մը, որ այնքան ալ փայլուն բան մը չէ:
Բայց, ի սէր մարդկութեան, այցելեցէք մեզ և տեսէք թե ի՛նչ կ’անցնի կը դառնայ: Պիտի ներկայացնենք ձեզի տեսակ տեսակ Տէվիտ Գոբիրֆիլտներ: Եւ դուք պիտի ապշիք: Այնքան պիտի ապշիք ` որ պիտի մոռնաք ձեր հեգնական ժպիտը:
Պիտի ցուցնենք ձեզի մեր որբանոցները` կրթական Պուխէնվալտներ, ուր սիսթէմաթիք մահափորձ մը տեղի կ’ունենայ երկսեռ խլեակներու հոգիին դէմ:
Պիտի պտըտինք մեր ընկերային օժանդակութեան հաստատութիւնները, ուր հիւանդ, անկար կամ աղքատ` ձեռք ու ոտք կհամբուրեն ի սէր խնամքի կամ դարմանի:
Պիտի տեսնէք հանրութեան ծառաները` տիքթաթէօռ կտրած հանրութեան գլխին:
Պիտի հանդիպիք կիներու զորս ընկերութիւնը չի հաճիր ընդունիլ իր գերյարգելի կազմին մէջ, որովհետեւ այդ կիները չեն հաճած կամ չեն կրցած միամիտ ամուսին մը գտնել` ծածկելու համար իրենց սխրագործութիւնները ամուսնական վարագոյրին ետեւ:
Փողոցներուն մէջ, ձեր ետեւէն պիտի վազեն կիսամերկ լաճեր, որոնց անունը «փիճ» է, չեմ գիտեր ինչո՞ւ: Ընդհանուր արհամարհանքին նշաւակ են անոնք: Բարի քաղքենիները իրենց փէշերը կը ժողվեն ու քիթներին կը խցեն: Արտառոց արարածներ կը թուին այդ լակոտները: Եւ երբ կը մեծնան, այդ նոյն քաղքենիները իրենց օձիքին կը փակչին, իրենց ձեռքը ունենալով այլազան ընկերային պահանջքներով լեցուն ցանկ մը:
Եկէք ձեզի հետ պտըտինք քիչ մը: Մահմուտփաշայի կամ Բէրշէմպէբազարի փոշոտ խանութները կամ աշխատանոցները այցելեցէք: Տէսէք թէ ի՞նչպէս կը շահագործուին տասնէն քսան տարեկան մեր պատանիները: Բայց չըլլա՛յ որ բան մը հարցնէք վարպետներուն: Երբէք չպիտի ըսեն ձեզի թէ պզտիկ վարձատրութեամբ մը իրենց գործը կը տեսնան այդ զոհերը: Անոնք պիտի պատասխանեն ձեզի` թէ մարդասիրական պարտականութիւն մը կը կատարեն հանդէպ թշուառներո՛ւն, թէ՛ դրամ կուտան, և թէ արհեստ կը սորվեցնեն: Մի՛ հարցնէք նաև թէ քանի՞ տարիէն արհեստ կը սովրի տղայ մը: Մինչեւ որ տղուն աչքը բացուի, չուզէ այլեւս շահագործուիլ ու դուռը զարնելով գլուխը առնէ երթայ:
Մի զարմանաք այս տարօրինակ բարեգործութեան վրայ: Յիշեցէք որ Արեւելք է այստեղ, ուր պատանիներու շահագործումը աւանդական անցեալ մը ունի, աւելի հին` քան Արեւմուտքի մէջ:
Երբեք մի ջանաք տարհամոզել այդ բարերար վարպետները: Իրենք լաւ գիտեն թէ բարերութիւն չէ իրենց բրածը: Բայց քանի որ ծնողները կը կլլեն այդ բացատրութիւնը, և նոյնիսկ կը պաղատին որ հաճին ընդունիլ իրենց զաւակը որպէս աշկերտ, վարպետները յիմա՞ր են որ ջանան իմաստութեան հրաւիրել այդ մարդիկը ու իրենք զիրենք զրկեն մարդկային ուժի ձրի դրամագլուխէ մը:
Ես բարեկամ մը ունէի, սիրելի Շօ: Անվնաս մարդ մըն էր: Կը սիրէի զինքը: Միայն, երբեմն արտառոց բաներ կ’ըսէր:
Օր մը լսեցի թէ խենդեցեր է: Յիմարանոց փոխադրեր են: Չհաւատացի: Զինքը այցելեցի յիմարանոցին մէջ: Գլուխը օրօրեց, ըսաւ թէ իսկապէս խենդ էր: Ես նորէն չհաւատացի: Աս ու ան հարցուփորձեցի, տեղեկութիւն ուզեցի բարեկամիս յիմարութեան պայմաններուն մասին: Բայց ոչ մէկ փաստ կրցաւ զիս համոզել: Միշտ չէի հաւատար:
Օր մը, թերթ մը տուին ձեռքս: Բարեկամիս ստորագրութիւնը տեսայ յօդուածի մը տակը: Կարդացի յօդուածը, և անմիջապէս համոզուեցայ թէ բարեկամս իսկապէս խենդեցեր էր:
Ահա՛ այդ յոդուածին կարեւոր մասերը:
♦♦♦
«Մեր ընկերային իրականութեան մէջ դժնդակ հարց մը գոյութիւն ունի. այն է` տղոց շահագործումը դրամագլուխին կողմէ:
«Նկատելով որ ընկերային օժանդակութիւնը միմիայն մեր հարուստներուն բարեկամեցողութենէն կախում ունի, և լոկ անհատական ձեռնարկներով կրնայ իրագործուիլ, պէտք է հրաւիրել մեր հարուստները որպէս զի նկատի ունենան ընկերային վերոյիշեալ վէրքը, նախ քան ուրիշ հարցեր:
«Այսօրուան տղան է վաղուան ապագան: Եթէ սպանենք սերունդը իր մանկութեան մէջ, ի՞նչ կրնանք սպասել ապագայէն: Ոչ մէկ բարեփոխութիւն` գոնէ:
«Արդ, կ'առաջարկեմ մեր հարուստներուն մէկ կողմէ թողուլ այն բարեգործական ժէսթերը զորս կը կատարեն ի ցոյց ընկերութեան, և հիմնական բարեշրջութիւն մը կատարել մեր ընկերային օժանդակութեան կազմին մէջ:
«1.- Հիմնել որբերու տուներ, ուր այդ խլեակները սնանին, պառկին, ուսանին և աճին, ապրելու գիտակցութիւնը և ուրախութիւնը ունենան: Այն ատեն կրնանք հրապարակել ներկայ որբանոցներուն աներեւակայելի նեխութիւնը, ուր խեղճ տղաքը օրը բազմաթիւ անգամներ կը սպանուին` հոգիով, միտքով թէ՛ մարմինով
«2.- Ստանձնել խնամքը այն որբերուն որոնք չեն ընդունուած որբանոցներուն մէջ ու կը թափառին փողոցները, կամ կը շահագործուին աշխատանոցներու մէջ: Ապահովել նաև ուսումն ու դաստիարակութիւնը այն տղոց որոնց ծնողքը ի վիճակի չեն խնամելու զիրենք:
«3.- Չարտօնել որ ոևէ գործատէր իր քով աշխատցնէ 18 տարեկանէն վար տղաքը որոնք չեն ստացած նախնական ու երկրորդակն ուսում: Չարտոնել որ այդ տղաքը մեռնին, հոգիով ու մարմինով, խանութներու, աշխատանոցներու նեխած մթնոլորտին մէջ: Ապահովել իրենց` ուսում, լոյս, զուարթութիւն, կորով ու ապրելու հաճոյքը: Խլել զիրենք կծծի, համասեռական, տգէտ, մարդատեաց վարպետներու անօրինակ հարստահարութենէն: Հասցնել սերունդ մը որ ի վիճակի ըլլայ դիմագրաւելու ապագայ աշխարհի առաջադէմ պայմանները»:
Եւայլն, եւայլն…:
♦♦♦
Խե՜ղճ բարեկամս:
«Նոր օր», 1945, թիւ 1:
Ընթացիկ
Ստացեք բոլոր կարևոր պատմությունները ձեր էլ. փոստի արկղում։